2013-06-27 12:25:00

Հայ Եկեղեցւոյ Ծիսական Հարցերու Յանձնախումբին Հանդիպումը` Անթիլիասի Մէջ


Չորեքշաբթի, 26 յունիս 2013-ին, Հայ եկեղեցւոյ ծիսական բարեկարգման յանձնախումբը, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութեամբ, իր հերթական հանդիպումին սկսաւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ:
Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան կողմէ սոյն յանձնախումբին անդամներն են Միքայէլ եպս. Աջապահեան, Արշակ եպս. Խաչատրեան, Վահան եպս. Յովհաննէսեան եւ Զաքարիա վրդ. Բաղումեան: Իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ` Կոմիտաս արք. Օհանեան, Գեղամ արք. Խաչերեան եւ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան: Հիւրաբար հանդիպումներուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Վարուժան արք. Հերկելեանն ու Նարեկ արք. Ալեէմեզեանը: Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան կողմէ` Թաթուլ վրդ. Անուշեան:
Յանձնախումբը իր աշխատանքները պիտի շարունակէ յառաջիկայ երկու օրերուն ալ` վերջնական բնագիր եւ բացատրական ուղեցոյց մը ներկայացնելու համար Եպիսկոպոսաց ժողովին:
Կէսօրին, ժողովի մասնակիցները ճաշի հիւրը եղան վեհափառ հայրապետին, որ կարեւորութեամբ շեշտեց յառաջիկայ Եպիսկոպոսաց ժողովի գումարման անհրաժեշտութիւնը եւ այդ ծիրին մէջ հայ եկեղեցւոյ ծիսական բարեկարգութեան հրամայականը:







All the contents on this site are copyrighted ©.